samedi 21 novembre 2009

ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է ՊԱՀԱՋԱՏԷՐ

Արեւելեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի երեսփոխաններ,

Մենք, Արեւմտեան Հայաստանի խորհուրդի երդուեալներս, վրդոված ու ընդվզած ենք այն
իրողութենէն, որ դուք, կոչուելով անկախ Հայաստանի օրինաստեղծներ, Կ՛ՍՊԱՍԷՔ Թուրքիոյ
կողմէ «թուրք-հայկական արձանագրութիւններու» վավերացման, որպեսզի ըստ այնմ որոշեք
օրինականացնե՞լ «գիշերածինները» եւ այն ալ ո՞ր չափով...
Վրդոված ենք ու ընդվզած:
Հարկ էր, որ հայու հրամայականը ըլլար հրաժարիլ յիշողութեան զրկման հայակուլ այս
«հրաւէրքէն»: Համաշխարհային ուժերուն համար շահեկան այս գործարքը՛
արձանագրութիւններու միջոցաւ դէպի դրացիութիւն, ամէնքիս ուղղուած ՊԱՀԱՆՋՔ մըն է՛
մոռնալ Արևմտեան Հայաստանի Հայերի իրաւուքներ (Հայ Դատը), կորսնցնել ազգային
ինքնութիւնը, հրաժեշտ տալ Արեւմտեան Հայաստանին.
- հրաժեշտ տալ Վանին ու Վանայ լիճին, բիւրավանք Անիին, Մշոյ Սուրբ Կարապէտ եւ
Առաքելոց վանք-մասունքներուն, մայր Արաքսին ու յաւերժահայ Արարատին...
Վրդոված ենք ու ընդվզած:
131 հայ երեսփոխաններ, մեզի համար պատիւ չէ, պատուաբեր չէ ՍՊԱՍԵԼԸ. ձեր
օրակարգն ու պարտքը թրքանպաստ այս փաստաթուղթերը չհաստատելն է: Վավերացումը
եաթաղան մըն է եւրոպական տարազով երիտթուրքերու թուրք ժառանգներու եղեռնակիր
ձեռքին մէջ, բորենիի հրճուանքն է նոր օրերու երիտթուրքին, որը չի բաւեր, որ չի մեղանչեր իր
«իթթիհատ» նախնիին՛ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԶՐԿՈՒՄ եղելութեան համար, այլեւ,
որպէս յաւելումն, կը նորոգէ եւ յառաջ կը տանի իւր հայակործան ռազմավարութիւնը: Խօսուն
վկան՛ «Արցախը՛ Ադրբեջանին, սահմանը կը բանանք ...» պայմանը:
Իշխանաւորներ, ներկայի ու անցեալի,
Կը պահանջենք ու կոչ կ՛ուղղենք. մի՛ անարգէք տարագիր հայուն լուսարդար ԵՐԱԶԸ,
մի՛ հրաժարիք Արևմտեան Հայաստանի Հայերի իրաւուքներէ (Հայ Դատէն), ինքներդ
չդատուելու համար, մի՛ ուրանաք Պահանջատիրութիւնը. ան կը վայելէ պետութիւն ունեցող,
պետականատէր ազգին, հայրենաշէն է ու համախմբող, ան Հայոց պատմութիւնը այսօր ալ
կերտող մեր սերունդի պատմական իրաւունքն է, զորս գոյութիւն ունի քաղաքականութեան եւ
իրաւագիտութեան մէջ...
Ունկնդիր եղէք մեր ձայնին, համախմբեցէ՛ք հայոց ազգը եւ դէմ դրէք նոր դարու հին
արհաւիրքին՛ «արձանագրուած» Արեւելեան Հայաստանի հայրենազրկմանը: Մի՛ յանդգնիք
տուրք տալ «մատրիտեան» կամ Արցախի յաղթանակը աւերակող այլ սկզբունքներուն:
Հերոսացումը անձերուն չէր պատկանէր, ան բոլորեքեան էր ու տակաւին անաւարտ է.
գերուած Ջաւախքը, Նախիջեւանը նոյնն են, ինչ Լեռնային Արցախի հողերն են...
Հայրենիքի քաղաքացիներ,
Կեանքի մի կոչէք իշխանասուն «արձանագրութիւնները», «սկզբունքները»՛ յանուն մեր
հաւատի, յանուն մեր ուժեղ ու իրաւատէր Արցախ-Հայաստանի, յանուն հայրենադաւան
Արևմտեան Հայաստանի Հայերի եւ վասն Հայու Զարմին յաւերժութեան:
Յայտարարութիւնը ընդունուած է պատմական ՍԵՒՐԻՆ մէջ 2009թ. նոյեմբեր 21-ին,
Արեւմտեան Հայաստանի խորհուրդի անդամներու 2-րդ համագումարի կողմէ, Ֆրանսա,
Փարիզ:

Արմենակ Աբրահամեան
Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամ

Aucun commentaire: